2015-11-18 11:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը աղօթելու` փակեալ կրօնաւորներուն համար


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 18 նոյեմբերին, ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ` յառաջիկայ 21 նոյեմբերին նշուելիք` Սուրբ Կոյս Մարիամի  ընծայման տօնի առթիւ, խնդրեց հաւատացեալներէն աղօթել փակեալ կրօնաւորներուն համար։

 Յառաջիկայ 21 նոյեմբերին, կը նշուի Սուրբ Կոյս Մարիամի ընծայմանը տօնը ։ Այս  առթիւ շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ  կոչումին համար որ պարգեւած է այրերու եւ կիներու որոնք վանքերու եւ մենաստաններուն մէջ իրենց կեանքը նուիրած են Աստուծոյ։

Աղօթքի եւ լռելեան աշխատանքի մէջ,  թող չի պակսին անոնց հանդէպ մեր նիւթական եւ հոգեւոր օժանդակութիւնը, որպէսզի փակեալ հասարակութիւնները կարենան կատարել իրենց կարեւոր առաքելութիւնը ըսաւ Ֆրանչսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.